Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ սէուտցիներուն, էմիրացիներուն եւ քուէյթցիներուն իրանեան հարուածներուն հակադարձելու ստիպուիլը միայն ժամանակի հարց է, որովհետեւ ամերիկացիները զիրենք հիասթափեցուցին եւ չկարողացան պաշտպանել։
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ». «Թրամփն ու անոր օգնականները եկան այն եզրակացութեան, թէ Հորմուզի նեղուցը բանալու առաքելութիւնը հակամարտութեան մէջ իր ճշդած ժամկէտէն անդին մագլցումի պիտի յանգեցնէ»։
Իսրայէլեան բանակը կը յայտարարէ, թէ Հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին իր զինուորներէն 4-ը սպա��նուած է եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած։ «Հաարեց» կը նշէ, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հարաւային Լիբանանի մէջ սպաննուած իսրայէլացի զինուորներուն թիւը բարձրացած է 10-ի։
Ապահովական աղբիւրներ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռին․ «Պատերազմին մէջ մեր նպատակներուն մեծամասնութիւնը իրագործեցինք, բացի Իրանի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարէն, որ Թրամփ ստանձնած է»։
Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ Ամրիէ շրջանին մէջ իր անցարգելին վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումին հետեւանքով զինուոր մը նահատակուած է եւ ուրիշներ վիրաւորուած։
Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւն․ «Իսրայէլեան օդային յարձակում մը թիրախաւորեց Սու��ի հարաւ գտնուող Ամրիէ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի անցարգելը, որուն պատճառով բանակէն զինուորներ վիրաւորուեցան»։
Իրանեան դիւանագիտական աղբիւր մը ԱՖՓ-ին. «Իրանի դեսպանը կիրակի օր արտաքին գործոց նախարարութեան իրեն տուած պայմանաժամի աւարտէն ետք Լիբանանէն պիտի չհեռանայ»։