Բարի վերամուտ կը մաղթենք բոլոր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։ 📚🎒✨
Վերամուտի առթիւ դպրոցական տարիքի հաճելի եւ օգտակար նոր կապոց մը պատրաստած ենք։ «Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը», «Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք», «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» եւ «Պարոն կւոձ» գիրքերէն բաղկացած կապոցը, %50 զեղջ պիտի ունենայ ամբողջ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։ https://t.co/P9sjaCIOec
https://t.co/Psxz1qukOt
Վերամուտը կը դիմաւորենք հոյակապ գիրքով մը, որ երկրաչափութիւնը հաճելի պիտի դարձնէ մանուկներու համար։
Շատ պիտի սիրէք «Ձեւերուն խաղը», զոր գրեց Ռաշէլ Մասերի եւ գծագրեց Էտա Չաղլարըրմաք։ Նախատեսուած է 6 եւ աւելի բարձր տարիքի մանուկներուն համար։
Ո՞վ ըսաւ, թէ բեմագիրի մը կարիք կայ գիրքի մը գլխաւոր դերը խլել կարենալու համար։ Ըստ Աղուէսի, այս գիրքը միայն իրեն նման աշխոյժ, ոճ ունեցող ու տաղանդաւոր հերոս մը կը պահանջէ։ Տեսնե՛նք, վերջապէս ո՞վ պիտի դառնայ գիրքին տէրը։ 🦊🦥
#armenianbook#armenian#գիրք#armenianchildrensbooks
Թէեւ դիւրին չէ գտնել մեզի ամենայարմար ազատութեան մեքենան, բայց անգամ մը որ յարդարենք զայն ու ճամբայ ելլենք՝ կ՚երթանք մեր երեւակայութեան ամենահեռու, ամենագունաւոր անկիւնները։ «Ազատութեան հրաշալի մեքենաները»ով նետուինք արկածներու մէջ… > https://t.co/VM1qz5EcAb
Եւ երջանկութիւնը երբեմն կրնայ ըլլալ պասքեթպոլի գնդակ մը, երբեմն բրդեայ հիւսուածք մը, երբեմն չէօրեք մը, երբեմն ալ ճօճանակին վրայ ձեր ընկերոջ հանդիպիլը։ Եւ անշուշտ նոյնինքն «Երջանկութիւնը աղուէս մըն է»ն։ Անպայման կարդացէք…
«Ես կը գծեմ իմ ճամբան» կը ներկայացնէ մանուկի մը՝ դէպի չափահասութիւն երկարող ճամբուն վրայ հանդիպած խոչընդոտները եւ անոնց դիմաց իրեն նեցուկ կանգնող մեծ մայրը, 👵🏻 ընկերները, գիրքերով ու մատիտներով շրջապատուած աշխարհը։ ✏️
https://t.co/RWUYKAn7br
Կը սխալիք կարծելով, թէ այդքան բանջարեղէն սառնարանի մը անկիւնը պիտի փտին միայն այն պատճառով, որ քանի մը լալկան տղաք իրենց ճաշը չեն կրնար վերջացնել։ Անշուշտ, անոնք ալ ըսելիք մը ունին։ «Բանջերէններու ըմբոստութիւնը» չարաճճի է ու ըմբոստ… https://t.co/HoEwInrczq
Ձեւաւորող Հաթիէ Կարիփի գրած ու նկարած «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» լոյս կը տեսնէ 12 մարտին։ Մանուկի մը հայեացքով մեծնալու փորձառութիւնը պատմող այս գիրքը պիտի գրաւէ բոլոր տարիքէ ընթերցողներուն սիրտը։ https://t.co/RWUYKAn7br
Կը շարունակուին Նաթալի Պաղտատի «Մտածելը ապրիլ է» խորագրով, մանուկներու համար նախատեսուած, փիլիսոփայութեան հայալեզու աշխատանոցները։ Միասնաբար մտածելու, զուարճանալու, մեր մտածումները աւելի լաւ արտայայտելու համար դուն ալ միացիր մեզի։
https://t.co/4bIOhuDfb6
Կը շարունակուին Նաթալի Պաղտատի «Մտածելը ապրիլ է» խորագրով, մանուկներու համար նախատեսուած, փիլիսոփայութեան հայալեզու ��շխատանոցները։ Միասնաբար մտածելու, զուարճանալու, մեր մտածումները աւելի լաւ արտայայտելու համար դուն ալ միացիր մեզի։
https://t.co/4bIOhuDfb6
«Ես կը գծեմ իմ ճամ��ան», որ կը պատմէ մանուկի մը մեծ մօրը նեցուկով, անասուններու, գիրքերու ու մատիտներու օգնութեամբ ինքզինք յայտնաբերելը, առաջին գիրքն է զոր հեղինակած ու գծագրած է տաղանդաւոր նկարազարդող Հաթիէ Կարիփ։ «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» Մարտի 12-ին գրախանութներու մէջ… ✏️👧🏻👵🏻
Լոյս տեսաւ Կոնճա Մինէ Չելիքի գրած ու նկարազարդած «Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք»ը, որ մեր հրատարակած հեղինակային առաջին երկն է։ Նկարազարդ այս հոյակապ գիրքը մանուկներուն կը սորվեցնէ ստեղծարար կերպով իրենք զիրենք արտայայտելու ուղին��րը ու կը բանայ անոնց երեւակայութեան դռները։
Բանջարեղէնները տարիներ շարունակ խեղճացան զիրենք չսիրող մանուկներուն քով, լռիկ-մնջիկ ընդունեցին չսիրուիլը։ Բայց ա՛լ կը բաւէ… Որովհետեւ բոլորն են արժանի սիրուելու։ Մանաւանդ երբ այսքան հարուստ են կենսանիւթով ու հանքանիւթով։ 🥬🌶🧅 https://t.co/cavFcCkXU3
Natali Bağdat‘ın kolaylaştıcılığında “Düşünmek Yaşamaktır” başlıklı Ermenice çocuklar için felsefe atölyeleri tüm hızıyla devam ediyor. Birlikte düşünmek, birlite eğlenmek, düşündüklerimizi daha iyi ifade etmek için sen de atölyemize katıl.
https://t.co/RRTCZBA6b5
Կը շարունակուին Նաթալի Պաղտատի «Մտածելը ապրիլ է» խորագրով, մանուկներու համար նախատեսուած, փիլիսոփայութեան հայալեզու աշխատանոցները։ Միասնաբար մտածելու, զուարճանալու, մեր մտածումները աւելի լաւ արտայայտելու համար դուն ալ միացիր մեզի։
https://t.co/RRTCZBA6b5
«Սառնարանին մէջ բաներ մը կը պատահին։ Քրթմնջոց կը հասնին հոնկէ, ուր կարծես ոչ մէկ բան տեղն է։ Սառնարանին դուռը փակ է, բայց լոյսը կը վառի։ Ինչե՞ր կը պատահին ներսը»։ «Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը» ձեզի կը ս��ասէ գրավաճառ կայքերու վրայ ու գրատուներու մէջ։ 🥦🥕 https://t.co/cavFcCkXU3
Մարօճան ոչխար մը տեսաւ ու հարցում մը ծագեցաւ միտքը. արդեօք ինչպէ՞ս պիտի ըլլար կեանքը, եթ�� ինք ալ բուրդ ունենար, ոչխարներու նման։ Մենք մեզ բուրդերու մէջ երեւակայե՞նք։ «Ոչխարներու պէս բուրդ ունենայինք»ը ձեզի կը սպասէ գրավաճառ կայքերու վրայ ու գրատուներու մէջ։https://t.co/vC3aVsPZOn
Թերեւս տխուր հերոսներ ալ ունին երջանիկ պատումները։ Սա Վիշապը կարծես չի ժպտիր։ Իսկ Ժիլ կ՚ուզէ գիտնալ պատճառը։ Ժիլն ու Վիշապը ուրախ աւարտ մը կը մտածեն իրենց հեքիաթին հ��մար, այս միջոցին կը սերտացնեն ալ իրենց ընկերութիւնը։ Արդեօք ուրախ աւարտ մը պիտի ունենա՞յ։ https://t.co/HJcc95ivE4