Այնուհետեւ առցանց խօսք առին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան: Ապա սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Երգ յիշատակի» երգը:
Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՀՅԴ-ին եւ ՌԱԿ-ին, երէկ` երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` Արցախի ժողովուրդին հետ:
Գեղարուեստական բաժնով իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական գեղեցիկ նազպարով մը, Տալիտա Սալպաշեանն ու Կասիա Նորշահեանը, իսկ մեներգով հմայեցին ներկաները Աւետիսեան քոյրերը երգով եւ նուագով:
Հանդիսութեան փակումը կատարեց երգիչ՝ Յովիկ Թաֆրանեանը « Հնչակեան ենք մենք» եւ « Ուխտի երգով»:
135 ԱՄԵԱՅ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանահայութիւնը փառաւոր կերպով նշեց Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը, կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինին:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկերեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ անցնող երկու տարիներուն հայ ժողովուրդին առջեւ ցցուած վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն, եւ դիտել տուաւ, որ տեղի ունեցած պարտութեան պատասխանատու է համայն ժողովուրդը: